We refer to Soorp Khatch as an “Apostolic Church,” because the mission of our Church today is identical to the Church that was founded by Jesus Christ and entrusted to the Apostles.  The term “Apostolic Church” also reflects the fact that our Church traces its origins back to Apostles Thaddeus and Bartholemew.  Saint Thaddeus was the first Apostle to enter Armenian in 44 A.D. where he made many converts until he was martyred there in 66 A.D.  Saint Bartholemew was the second Apostle to preach in Armenia where he was martyred in 68 A.D.  Our Church was founded on this “Apostolic Succession,” meaning that the mission conferred by Jesus Christ upon the Apostles passed from them to their legitimate successors, in an unbroken line.  As a result, our pastor at Soorp Khatch continues to preach the same teachings learned directly from Apostles Thaddeus and Bartholemew, which was taught directly to them by Jesus Christ.

Current Pastor

Աւազանի անունով Աւետիս, անդրանիկ զաւակը Տ. Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. եւ Երէցկին Պայծառ Ագթաւուգեաններու. ծնած է Հալէպ, 1951 Մարտ 1-ին։ Նախակրթական ուսումը կը ստանայ ծննդավայրի Ազգ. Սահակեան վարժարանէն, իսկ Միջնակարգը եւ Երկրորդականը՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն, զոր կ՛աւարտէ 1970-ին։

1964-ին, դպրութեան չորս աստիճանները կը ստանայ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Ձեռամբ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի։ Իսկ Ուրարի տուչութիւնը՝ 1972-ին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ՝ Ձեռամբ Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի։

Մինչեւ 1974, Հայաստան ընդունուիլը, չորս տարի ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Ազգ. Սահակեան վարժարանէն ներս՝ դասաւանդելով թուաբանութիւն, գիտութիւն, երգ եւ մարմնակրթութիւն։

1980-ին, պատւոյ յիշատակութեամբ կ՛աւարտէ Երեւանի բազմա-գիտարուեստական Հիմնարկը (Polytechnical Institute) եւ կը վկայուի որպէս Շինարար Երկրաչափ՝ մասնագիտանալով ճանապարհներու եւ կամուրջներու շինարարութեան ճիւղին մէջ։

1981-ի Յունուարին, գործով կը մեկնի Պաղտատ եւ ամբողջ տարին՝ մինչեւ շինարարական ծրագրի աւարտը կը մնայ այնտեղ:

1983-ի Հոկտեմբերին, կ’ընդունուի Քուէյթի Ազգ. Վարժարան՝ որպէս փոխ տնօրէն։ Յաջորդ տարին իսկ, իրեն կը վստահուի Ճեմարանի Հայոց Պատմութեան դասաւանդութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ 1990, Ծոցի Պատերազմը։

1986-ի Յուլիսի 5-ին, Հալէպի մէջ, Կ’ամուսնանայ Օրդ. Մակի Քէլէշեանին հետ. հետագային ամոլը կը բախտաւորուի երկու զաւակներով՝ Սարգիս եւ Շողակ։

1991-ին, Քուէյթի ազատագրումէն ետք, կը նշանակուի տնօրէն վարժարանի զոյգ բաժիններուն, միաժամանակ դասաւանդելով Քաղաքացիական Կրթութիւն՝ աւարտական դասարանին։

1995-ին, կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ձեռամբ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Չօլոյեանի (ապա՝ Առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին)։

1999-ի ամավերջի հանդէսի ընթացքին, յետ քսանամեայ ուսումնական ծառայութեան, նախաձեռնութեամբ օրուան Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Եպս. Սարգիսեանի (Այժմ՝ Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին), կը պարգեւատրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Սրբատար Կոնդակով:

1999-ի աւարտին, բաւարար համարելով 16 տարի Քուէյթի մէջ իր կեցութիւնն ու ուսումնական ասպարէզը, կը հրաժարի պաշտօնէն՝ շարունակելու համար իր ծառայութիւնը եկեղեցական բնագաւառին մէջ։

1999-ի Հոկտեմբերի 7-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ, Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի տնօրինումով, կ՛ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանք եւ երեք շաբաթ ետք, Հոկտեմբերի 31-ին, կը ձեռնադրուի քահանայ՝ վերանուանուելով Տ. Սարգիս քահանայ, Ձեռամբ Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի՝ օծակից ունենալով Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանը։ Տասներեք տարի առաջ, նոյն ինքն Զարեհ Սրբազան օրհնած էր Աւետիսի եւ Մակիի Ս. Պսակը։

Մինչեւ 2000-ի Սեպտեմբերը, մնալով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, կը հետեւի Դպրեվանքի կարեւորագոյն դասընթացքներուն եւ կը մասնակցի Մայր Տաճարի ամենօրեայ ժամերգութիւններուն. իսկ Կիրակի օրերը, Ս. Պատարագ կը մատուցանէ Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ։

2000-ի Սեպտեմբեր 13-ին, ընտանեօք կը փոխադրուի Ուաթըրթաուն, Մէսէչուսէց, ուր երեք ու կէս ամիս փորձառական շրջան մը անցընելէ ետք, կը նշանակուի Ուստըր, Մէսէչուսէցի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հովիւ։

Իսկ 2004 Օգոստոսի 1-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կարգադրութեամբ կը նշանակուի Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի Ս. Խաչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւ, ուր կը ծառայէ մինչեւ այսօր։

Ձեռնադրութենէն հինգ տարի ետք, 2004-ին, կը ստանայ լանջախաչ կրելու իրաւունք, 2013-ին՝ ծաղկեայ փիլոն, իսկ 2019-ին աւագութեան տիտղոս:


Son of Archpriest Rev. Fr. Ghevont and Yn. Baydzar Aktavoukian, Rev. Fr.  Sarkis Aktavoukian was born in Aleppo, Syria, in 1951, with the baptismal name of Avedis.  He received his primary school education at Sahagian Elementary School and the intermediate and secondary education at Karen Jeppe Jemaran, graduating in 1970. Following graduation, he taught four years at the Sahagian School until his acceptance in 1974 to the Polytechnic Institute of Yerevan, Armenia, where he received his Master’s degree in Civil Engineering, specializing in highways and bridges.

He worked for a year as a civil engineer and then moved to Kuwait in 1983, where he held the positions of Vice Principal and Principal at the Armenian School of Kuwait for a span of sixteen years.

In 1999, at the end of his educational career as the Principal of the Armenian School of Kuwait, he received the Mesrob Mashdots award and an appreciation encyclical from His Holiness Aram I, Catholicos of the Great House of Cilicia.

Later, he attended the Armenian Theological Seminary of the Catholicosate of the Great House of Cilicia, and in October 1999, was ordained to the rank of priesthood by His Eminence Archbishop Zareh Aznavorian and renamed Father Sarkis.

Following his ordination, Der Sarkis served both at St. Gregory the Illuminator Cathedral in Antelias and St. Neshan Mother Church of Beirut, Lebanon, until his transfer to the Eastern Prelacy of United States.

In 1964, years prior to his ordination to the priesthood, Der Sarkis received the four minor clerical orders of an acolyte, tubir, from His Eminence Archbishop Ghevont Chebeyan, Prelate of Aleppo, and in 1972, the right to bear a stole, ouraragir, by His Holiness Khoren I, Catholicos of the Great House of Cilicia. In 1995, His Eminence Bishop Oshagan Choloyan, Prelate of Kuwait and the Persian Gulf Countries (now Archbishop Oshagan, Prelate of the Eastern U.S.A.) ordained him to the rank of deacon.

In late 2000, Der Sarkis served as assistant pastor of St. Stephen’s Armenian Apostolic Church in Watertown, Massachusetts, and then in January 2001, he became the pastor of Holy Trinity Armenian Church in Worcester, Massachusetts.

In August 2004, Der Hayr was assigned to Soorp Khatch Armenian Apostolic Church in Bethesda, Maryland, serving the Greater Washington, D.C., area Armenian Community.

In appreciation of his many years of dedicated service, Der Sarkis was recognized by His Holiness Aram I, Catholicos of the Holy See of Cilicia in November of 2004 and was presented with a pectoral cross and the right to bear the Dzaghgya Pilon (Flowered Stole), and in 2019 he was given the title of Archpriest .

He is married to the former Maggie Keleshian and they have two children, Sarkis and Shoghag.

Previous Pastors

Ծնողքին անդրանիկ զաւակն է՝ աւազանի անունով Յակոբ: Ծնած է Մուսա Լեռ, 28 Մայիս 1933¬ին: Հայրը, որ ուսուցիչ էր եւ ազգային գործիչ, այդ օր՝ Մուսա Լերան պատմական հազարամեայ սօսիին տակ իր կազմակերպած Հայաստանի անկախութեան 15¬րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ատեն լսած էր իր առաջնեկի ծննդեան մասին եւ…քանի մը օր ետք միայն գացած տուն ու զինք տեսած:

Միայն վեց տարիներ ապրած է ծննդավայրի հրաշագեղ միջավայրին մէջ: 1939 թուին, միջազգային դիւանագիտութիւնը Մուսա Լեռը յանձնեց թուրքին եւ բնակիչները՝ եօթը գիւղերով, թափեց Լիբանանի մէկ անհրապոյր դաշտավայրը, ուր միայն դող ու լեղի կար:

1947 թուին, կ՛աւարտէ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանը: Յաջողակ աշակերտ ըլլալով՝ նոյն տարին ալ, յետ քննութեան, կ՛ընդունուի Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Դպրեվանքը: Սակայն, վրայ հասած Պաղեստինեան Պատերազմը ուսման հետեւելու ծրագիրը յօդս կը ցնդեցնէ։ Բարեբախտաբար, «Յառաջ» Վարժարանը նոր դասարան մը բանալով՝ կացութիւնը կը փրկէ այդ տարին:

Յաջորդ տարին, Անթիլիասի Դպրեվանքի մուտքի քննութիւններուն մասնակցելով՝ ժառան-գաւորացի Բ. դասարանի աշակերտ կը դառնայ: Դպրեվանքը կը թողու 1953¬ին եւ հօրը օրինակին հետեւելով՝ կը դառնայ ուսուցիչ՝ ծառայելով լիբանահայ ազգային վարժարաններուն:

1969¬ին, կրթական նոյն յարկին տակ կը հանդիպի ուսուցչուհի Օրդ. Պերճուհի Թոփալեանին եւ ամուսնանալով՝ կը կազմեն ընտանեկան երջանիկ բոյն մը եւ կը բախտաւորուին երկու սքանչելի զաւակներով՝ Վահէ եւ Մարալ։

Ազգին հանդէպ նուիրումը չի սահմանափակուիր կրթական ծառայութեամբ միայն: կը տանի նաեւ հանրային¬կուսակցական աշխատանք, յաճախ վարելով պատասխանատու պաշտօններ: Գրական որոշ հակումներ ունենալով՝ կ՛աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին՝ արձակ ու չափածոյ գրութիւններով:

Ուսուցչական ասպարէզի վերջին տարին՝ 1969¬ին, հազիւ կոչուած Այնճարի «Յառաջ» Վարժարանի տնօրէնութեան, Կիլիկեան Ս. Աթոռի գահակալ, Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի հայրական յորդորներուն անսալով՝ կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ կը ձեռնադրուի քահանայ՝ նոյն տարուան Հոկտեմբերին, Կրանիթ Սիթիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր եւ կը ծառայէ տասնըչորս տարիներ:

1984¬ին, կþստանձնէ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետի պաշտօնը: Իսկ, 1985 Յունուար 5¬էն մինչեւ 2004 Յուլիս, քսան տարիներ շարունակ, կը ծառայէ Ուաշինկթընի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ որպէս հովիւ՝ վայելելով համայնքին մտերմութիւնն ու սէրը։

Հանգստեան կոչուելէն ետք, երէցկնոջ հետ կը Փոխադրուին Լոս Անճելըս՝ միանալու համար դստերն ու թոռանը։ 2010-ին, Թեմին կարիքը, զինք այս անգամ ծառայութեան կը կոչէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովութեան։

Ուսուցչական ասպարէզին առընթեր, կը հետեւի Պէյրութի ֆրանսական «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասընթացքներուն: Իսկ, քահանայական ձեռնադրութենէն ետք, կը յաճախէ նախ «Սատըրն Իլլինոյ Համալսարան»¬ը, հուսկ ապա՝ Սէյնթ  Լուիզի լուտերական «Գոնգորտիա» Դպրեվանքը, որուն շրջանը կ՛աւարտէ 1980¬ին, արժանանալով աստուածաբանութեան մագիստրոսի աստիճանին: Որոշ ատեն մը կը հետեւի նաեւ տոքթորայի դասնթացքներուն, որոնք սակայն կþընդհատուին 1984¬ին, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետութիւնը ստանձնելուն պատճառով:

Առաջնորդարանի թելադրութեամբ՝ պատրաստած է տարուան մը բոլոր կիրակիներուն վրայ տարածուած երկլեզուեան դասեր՝ թեմիս եկեղեցիներուն մէջ օգտագործուելու համար: Հրատարակած է նաեւ հատոր մը՝ «Գիր Կեանքի» անունով։


Archpriest Khoren Habeshian was born on May 28, 1933, in Mousa Ler with the baptismal name of Hagop. He is the first-born child of his parents. His father was a schoolteacher.

He was able to reside in his beautiful birthplace only for six years. In 1939, international diplomacy ceded Mousa Ler to the Turks and forced all of the Armenians residing in its seven villages to be exiled to Lebanon, to an unattractive plain called Ainjar where they confronted fear and bitterness.

In 1947, he graduated from the “Harach” school in Ainjar, and in the following year he successfully completed the entrance examinations for the Seminary in Antelias, advancing directly into the second year of study. He left the seminary in 1953, and following his father’s footsteps became a teacher in the Armenian national school system in Lebanon.

In 1959, within the same school, he met another Armenian teacher, Berjouhi Topalian. Their future was miraculously sealed as they were joined together. Together, they have been blessed to have a beautiful home, with their son, Vahe, and their daughter, Maral, and their grandchildren.

In 1969, having just been selected to become the Principal of the “Harach” school in Ainjar, he acquiesced to the urging of Catholicos Khoren of the Great House of Cilicia and left for the United States to become a priest. In October 1969, he was ordained a priest in the Armenian Church by Archbishop Hrant Khatchadourian and was assigned to the parish of Saint Gregory the Illuminator in Granite City, Illinois, where he served as a pastor for 14 years.

In 1984, he became the Chancellor of the Eastern Prelacy, in New York City, and in 1985, he was assigned to the Soorp Khatch (Holy Cross) Church parish in Washington, D.C., where he served as pastor for the next 20 years, until his retirement in November 2004.

During the course of his teaching career, he enrolled in classes through the department of Armenian Studies at the French Saint Joseph University in Beirut. Later, when he arrived in the United States, he continued his higher education at Southern Illinois University. In 1980, he successfully completed his Master’s Degree in Theology at Concordia Lutheran Seminary in Saint Louis, Missouri. He then began his doctoral program at the same seminary, which was unfortunately interrupted when he assumed his duties at the Prelacy in New York.

He has been honored to deliver presentations and to give lectures in many places on many occasions. At the behest of the Eastern Prelacy, he prepared a series of bilingual sermons (in Armenian and in English) for every Sunday of the Church Year, and it is gratifying to know that successive generations of clergies have continued to rely upon his work as they preach to their congregations.

After his retirement, he wrote a book titled Kir Gyanki (Book of Life) in Armenian, published in 2008, which is both a personal reflection and testament of his life.

For the past few years, it has been a blessing for him to be the pastor of Saint Gregory the Illuminator parish in San Francisco, California. His life as a priest began in one Saint Gregory parish, and now it ends at another Saint Gregory parish.

Աւազանի անունով՝ Յաբէթ, ծնած է 1919-ին, Փորթ-Սայիտ, Եգիպտոս, Մուսա Տաղցիներու վրանաքաղաքին մէջ: Բնիկ Սուէտացի է, Հաճի Հապիպլի գիւղէն, ուր անցուցած է մանկութիւնը եւ ուր իր նախնիքը ապրած են դարերով, մինչեւ 1939, Սանճաքի պարպումը:

Մէկ տարեկանին կը մահանայ հայրը՝ Պետրոս եւ մինչեւ տաս տարեկան կը մնայ մօրը՝ Մարիամի խնամքին ու ջերմ հոգածութեան տակ: 1931-ին, մայրը զինք կ՛ուղարկէ Քեսապի Գերմանական որբանոցը՝ որ գիւղին մէջ անուս չմնայ, գրել-կարդալ սորվի եւ ուսում ստանայ:

Երբ 1935-ին, որբանոցի նախակրթարանը կ՛աւարտէ եւ կ՛ընդունուի Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի Ժառանգաւորաց Վարժարանը՝ որբանոցի տեսուչ, վերապատուելի Հէր Շնայտրի եւ Երուսաղէմի պատրիարք՝ Թորգոմ Արք. Գուշակեանի կարգադրութեամբ՝ Կ՛աշակերտէ անզուգական քննադատ եւ ուսուցիչ Յակոբ Օշականի:

Եօթ տարի Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի դասաւանդութիւններուն հետեւելէ ետք, 22 տարեկանին շրջանաւարտ կ՛ըլլայ որպէս նորընծայ սարկաւագ, բայց փոխանակ ըստ ընդունուած կարգի, աբեղայ ձեռնադրուելու, նախ կը դառնայ քարտուղար, ուսուցիչ-դպրապետ եւ ապա՝ քահանայ:

1951 Յունուարին, կ՛ամուսնանայ Օրդ. Արմենուհի Քաթմարեանի հետ, Լաթաքիա, Սուրիա եւ հետագային, ամոլը կը բախտաւորուի երեք դուստրերով՝ Մարօ, Նորա եւ Ծովիկ եւ հինգ թոռներով՝ կարօ, Քրիստափոր, Շանթ, Րաֆֆի եւ թալին:

1942-1945, կը ծառայէ Անգլիական բանակին մէջ որպէս մեքենագիր-քարտուղար՝ Պաալպէք, Թըրպոլ, Պէյրութ եւ Քաթանա-Դամասկոս:
1945-1963, կը զբաղի ուսուցչութեամբ եւ դպրապետութեամբ.
1945-ին,  Լուսինեան Վարժարան, այժմ Աքսոր Գասարճեան , Պէյրութ, Լիբանան
1946-1947, Հայկազեան Վարժարան, Հալէպ, Սուրիա
1947-1954, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարան, Լաթաքիա, Սուրիա  եւ
1954-1963, Ազգային Վարժարան, Լառնաքա, Կիպրոս:

1963-ին, կը հրաւիրուի Միացեալ Նահանգներ եւ 3 Նոյեմբերին կը ձեռնադրուի քահանայ՝ Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէցի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Հրանդ Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի եւ խարտավիլակութեամբ՝ Տ. Արսէն Ա. Քահանայ Սիմէոնեանցի, ուր եւ կը ծառայէ մինչեւ 1965:

1965-1969 կը ծառայէ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց Եկեղեցւոյ համայնքին, Իսկ 1969-1985՝ Ուաշինկթընի Ս. Խաչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ: Հրատարակած է եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ լրատու թերթիկներ, ուր լոյս տեսած են իր քարոզները, բանաստեղծութիւնները եւ զանազան յօդուածներ՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Յաճախ ընտրուած է Երեսփոխանական ժողովներու ընթացքին ատենադպիր եւ մասնակցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ընտրութեան՝ որպէս պատգամաւոր:

Աշխատակցած է «Սփիւռք» գրական շաբաթաթերթին, «Հայրենիք» օրաթերթին, «Հայ Սիրտ» եւ «Կիլիկիա» պարբերաթերթերուն եւ Առաջնորդարանի “Outreach” ամսաթերթին: Հրատարակած է «Մուսա Տաղէն Մինչեւ Արարա» գիրքը եւ ունի 7-8 անտիպ գործեր:

Իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ազգային-կրօնական ծառայութեան եւ քաջալերած երիտասարդները՝ տէր կանգնելու իրենց պապերու հաւատքին եւ աւանդութեանց: Եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ շարքային դաշնակցական:


Archpriest Rev. Fr. Sahag Vertanesian (baptismal name Hapet or Japheth) was born in Port Said, Egypt in 1919

in the tent camp of Musa Daghtsees. He was a native of Suedia’s Hadji Habibli village, where he spent his childhood and where his ancestors lived for centuries, until 1939 when Sanjak of Alexandretta was given back to Turkey.

His father, Bedros, died when he was one year old. Until the age of ten, he remained under his faithful mother Mariam’s care and guidance. In 1931 his mother sent him to the German orphanage in Kessab, to learn reading and writing and to receive an education.

When he graduated primary school in 1935, he was accepted in the seminary of St. James Monastery of Jerusalem, in ordinance by Reverend Herr Schnieder and Archbishop Torkom Kushakian, Patriarch of Jerusalem. Mentored by the great writer, Hagop Oshagan, he was encouraged to always write.

He spent seven years in the seminary receiving education. At the age of 22, he graduated and was ordained a deacon. Rather than being a monk, he became a secretary, teacher, choirmaster, but ultimately became a priest.

In January 1951, he married Miss Armenouhi Katmarian in Latakia, Syria, and they were blessed with three daughters: Maro, Nora and Dzovig; and their grandchildren.

Between 1945 and 1963, he spent his time teaching and being a choir director:

  • 1945, Lusinian School—now Aksor Kasarjian—in Beirut (New Sis)
  • 1946-1947, Haigazian Armenian School in Aleppo (Syria)
  • 1947-1954, S. Hagop Armenian National School in Latakya (Syria)
  • 1954-1963, Armenian National School in Larnaca (Cyprus)

In 1963, he was invited to the United States and on November 3, 1963, he was ordained a priest by His Eminence Archbishop Hrant Khatchadourian, Prelate of Eastern Prelacy in Soorp Asdvadzadzin Armenian Apostolic Church, Whitinsville, Massachusetts, by the “Patron of Living” of the Archpriest Fr. Arsen Simeonians, where he served from 1963 to 1965.

From 1965 to 1969, he served as pastor at All Saints’ Armenian Apostolic Church in Chicago, Illinois, then from 1969 to 1985 at Soorp Khatch Armenian Apostolic Church in Washington, D.C., Metropolitan area. In each community, he published “Mashtots” church periodicals, printing sermons, religion, history, poems and various educational articles in the Armenian and English languages.  

He has written articles in Spiurk literary weekly, Hairenik daily, Hay Sird, Giligia, and Outreach magazine of the Eastern Prelacy of New York. He has a book called From Musa Dagh to Arara as well as 7-8 unpublished volumes of works.  Because of his great skill in writing, he was usually assigned as secretary at the National Representative Assembly (NRA) conferences.  He served as delegate from the United States to the Holy See, in the election of His Holiness Karekin II of the Great House of Cilicia.

He spent his whole life being active in the national-religious services and was a member of Homenetmen athletic union, a member of Armenian Revolutionary Federation.  Der Sahag spent his lifetime serving the Armenian people, encouraging them to work in unison; and provided education in language, religion, history and music to young and old alike, to keep their rich Armenian heritage alive.

Աւազանի անունով Սարգիս, ծնած է 1924 Ապրիլ 25¬ին, Հալէպ: Անդրանիկ զաւակն է ջարդերէն բախտով ազատած Յովհաննէս Պապօղլեանի եւ Ռահել Հալլաճեանի: Հազիւ ծնած, փոխադրուած է Արապ¬Փունար գիւղը, որտեղ աւարտելով տեղւոյն Խրիմեան նախակրթարանը, կրկին կը փոխադրուի Հալէպ՝ շարունակելու համար իր ուսումը Մխիթարեան Հայրերու երկրորդական վարժարանին մէջ: 1939-ին արձանագրուելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերը, կը մխրճուի ազգային¬ընկերային կեանքի մէջ:

Եղած է սկաուտ փոխ խմբապետ, պատասխանատու՝ խումբի եւ նուագախումբի, մարզական յանձնախումբերու անդամ, պատանեկան խումբերու վարիչ, Համազգայինի անդամ եւ որպէս ուրֆացի՝ Ուրֆայի Երիտասարդաց եւ Հայրենակցական Միութիւններու վարչական անդամ:

1963-ին, կþընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Քահանայից Դասարանը, որուն շրջանը աւարտելէն ետք, 1964-ին, կը ղրկուի Աթէնք՝ քահանայանալու: 1964 Օգոստոս 9-ին, ձեռամբ Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս Այվազեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ դպրեվանքի տեսուչ՝ Տ. Գարեգին Վրդ. Սարգիսեանի (աւելի ուշ՝ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ամենայն Հայոց Ս. Էջմիածնի), Տուրղութիի (Աթէնք) Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրուի քահանայ եւ կը ստանձնէ հովութիւնը Տուրղութիի եւ շրջակայքի Գարէա¬Կեսարեանիի հայութեան:

Ըստ նախապէս եղած կաթողիկոսական կարգադրութեան, 1966-ի Հոկտեմբերին, ընտանեօք կը մեկնի Միացեալ նահանգներ ու կը ստանձնէ մայրաքաղաքի՝ Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծուխին հովութիւնը: 1969-ի Նոյեմբերին վերադառնալով Աթէնք, կրկին կը ստանձնէ իր նախկին հօտին հովութիւնը, մինչեւ ծանր անհանգստութիւնն ու հանգստեան կոչուիլը՝ 1996 Սեպտեմբերին:

Ան իր պարտականութիւններու ստանձման առաջին իսկ օրերէն եղած է Ազգ. Առաջնորդարանի զանազան յանձնախումբերու անդամ, Կրօնական Ժողովի անդամ եւ ատենապետ, Թեմական Պատգամաւորական Ժողովի անդամ, Սրբազան Հօր բացակայութեան՝ Առաջնորդական Փոխանորդ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման (1977-ի 22 Մայիսին), Յունաստանի Թեմը ներկայացնող պատգամաւոր:

Նախագահած եւ իր գործնական բաժինը բերած է Ուաշինկթընի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ սրահի (1967), Գարէայի Ազգապատկան սրահի եւ Տուրղութիի (Նիա Գոզմոս) Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբերուն (1982) եւ աշխատանքներուն:

2 Նոյեմբեր 1976-ին, Խորէն Ա. Կաթողիկոս իրեն կը շնորհէ լանջախաչ կրելու իրաւունք, իսկ 4 Ապրիլ 1981-ին, Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսները իրեն կը պարգեւեն «Ծաղկեայ Փիլոն» կրելու իրաւունք եւ հետագային՝ Աւագութեան պատիւ ու տիտղոս:

Տ. Գեղարդ Ա. Քհնյ. Պապօղլեան 46 տարի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգին ծառայելէ ետք, կը վախճանի 85 տարեկանին, Յունաստանի մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։


Archpriest Rev. Fr. Keghard Baboghlian (baptismal name Sarkis) was born on April 25, 1924, in Aleppo, Syria, the son of genocide survivors Hovhaness Baboghlian and Rahel Hallajian. Soon after birth, they moved to the Arab-Punar village, where he graduated Khrimian local primary school, then moved back to Aleppo to continue his education in the Mekhitarists Secondary School.

In 1939 he became a member of Homenetmen Scout, participating in national and athletic events. Being Vice Group Leader of the Scouts, he was responsible for the scouts and marching band, organizing members for juvenile and youth groups’ sports activities. He was a member of Hamazkayin Educational and Cultural Association and since his parents were natives of Urfa, he was also the administrative member of Urfa Youth Associations.

In 1963, he was admitted to the Theological Seminary of the Holy See of Cilicia in Antelias, Lebanon, and after graduating in 1964, he was sent to Athens, Greece, to become a priest. In August 9, 1964, he was ordained a priest in Soorp Garabed Armenian Apostolic Church in Turghuti (Athens) by Archbishop Karekin Sarkissian, Prelate of Greece, and started serving the Armenian Church in Turghuti and Garea-Kaisariani area. (Archbishop Sarkissian later became the Catholicos of the Holy See of Cilicia and Catholicos of all Armenians in Etchmiadzin.)

In October of 1966, by the request of the Catholicosate, he and his family moved to the United States to serve the Soorp Khatch Church of Washington Metropolitan Area. On November of 1969, he moved back to Athens to take over his prior parish, until he retired in September 1996.

He was an active member of various committees of the Prelacy. At the same time of being the Prelacy Representative, he occupied the office of the Vicar. On the election and consecration of Karekin II, Catholicos of the Holy See of Cilicia, on May 22, 1977, he was representing the Prelate of Greece.

He was primal of the committees for building Soorp Khatch Church Hall (1967), Garea’s Armenian Hall and S. Garabed Church building (1982) in Turghuti (Neo Kosmos, Athens).

In November 2, 1976, His Holiness Khoren I, Catholicos of the Holy See of Cilicia, gave him the right to bear Lanchakhach (Pectoral Cross) and in April 4, 1981, Catholicos Khoren I and co-adjutor Karekin II granted him the right to bear Dsaghgya Pilon (Flowered Stole). And later he was given the title of Archpriest.

Աւազանի անունով Մկրտիչ. ծնած է Բալուի Հաւաւ գիւղը, 25 Փետրուար, 1927-ին։ Ծնողներուն հետ կը փոխադրուի Հալէպ եւ նախնական ուսումը կը ստանայ Ազգային Սահակեան Վարժարանէն ։

1953-ին, կ’ամուսնանայ Օրդ. Հռիփսիմէ Սահակեանին հետ եւ կը բախտաւորուին դուստրով մը՝ Լոռի։

1954-ին կ’ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Քահանայից Դասարանը եւ 1956-ին, ձեռամբ Լիբանանի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արքեպիսկոպոս Բարոյեանի (հետագային կաթողիկոս) եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վրդ. Սարգիսեանի (հետագային կաթողիկոս), կը ձեռնադրուի քահանայ՝ օծակից ունենալով Տ. Մուշեղ Ա. Քհնյ. Տէր Գալուստեանը եւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Շրիգեանը։

Հոգեւոր հովուութեան պաշտօններ վարած է հետեւեալ համայնքներէն ներս.
1957-1962 Կիպրոս, Լառնաքայի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցի
1962-1966 Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի Ս. Խաչ Եկեղեցի
1966-1969 Նիակարա Ֆոլսի Ս. Յակոբ Եկեղեցի
1969-1984 Ռէյսինի Ս. Յակոբ Եկեղեցի
1984-1989 Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց Եկեղեցի

Առ ի գնահատանք իր բազմամեայ ծառայութեանց, կը պարգեւատրուի Լանջախաչով՝ 1963-ին, Ծաղկեայ Փիլոնով՝ 1987-ին եւ Աւագութեան տիտղոսով՝ 1989-ին։

Իր կեանքի առաջին յիսնամեակի աւարտին՝ 1977-ին կ’ունենայ սրտի առաջին վիրահատութիւնը. այնուհետեւ կեանքը կը դառնայ պայքար՝ հիւանդութեան դէմ, մինչեւ Կիրակի, 2 Յունիս 1991, իր վախճանումը։

Հոգելոյս Տէր Հայրը իր 35-ամեայ ծառայութեան ընթացքին, եղած է բարեպաշտ, գրասէր եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աւանդութիւններն ու հաւատալիքները պահպանող տիպար եկեղեցական մը։ Իր գերազանց բարի եւ շէն բնաւորութեամբ սիրելի դարձած է բոլորին՝ ուրախութիւն եւ յոյս ներշնչելով իր շրջապատին։

Տէր Հօր վերջին օծման եւ թաղման կարգը տեղի կ՛ունենայ Հինգշաբթի, 6 Յունիս, 1991-ին, Ռէյսինի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Մեսրոպ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Աշճեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։

Լոյս մշտնջենի իր յիշատակին։


Archpriest Sempad Der Mekhsian was born on February 25, 1927, with the baptismal name of Megrdich, in Havav, Palou. He moved with his parents to Aleppo where he attended the Sahagian School. In 1953, he married Hripsime Sarafian in Aleppo. They had one child, a daughter, Lori.

In 1954 he was admitted to the Theological Seminary of the Cilician See in Antelias, Lebanon. On November 11, 1956, he was ordained to the priesthood by Archbishop Khoren Paroyan, Prelate of Lebanon, and later Catholicos of the Great House of Cilicia. His sponsor during the ordination service was the Very Rev. Karekin Sarkissian, later Catholicos of the Great House of Cilicia, Antelias, and Catholicos of All Armenians, Holy Etchmiadzin. Also ordained on that day where two of Der Sempad’s classmates, Archpriest Moushegh Der Kaloustian (retired pastor of St. Illuminator’s Cathedral, New York City), and Archpriest Gorun Shrikian (retired pastor of St. Sarkis Church, Dearborn, Michigan). 

Der Sempad served as pastor of St. Stephen’s Church in Larnaca, Cyprus, 1957-1962. He served Soorp Khatch Church, Bethesda, Maryland, 1962-1966; St. Hagop Church, Niagara Falls, 1966-1969; St. Hagop Church, Racine, Wisconsin, 1969-1984; and All Saints Church, Chicago, Illinois, 1984-1989.

In appreciation of his many years of dedicated service, Der Sempad was recognized in several ways: in 1963 he was presented with a pectoral cross; in 1987, the right to bear the Dzaghgya Pilon  (Flowered Stole); and in 1989 he was given the title of Archpriest.

In 1977, only 50 years old, he had open heart surgery. A dedicated servant to God and a faithful shepherd of the Armenian Church, Der Sempad passed away on Sunday, June 2, 1991, after a long and valiant battle against heart disease. To the very end, Der Sempad prayed that he would be well enough to serve the Armenian Church as he had for 35 years. During his years of service, Der Sempad gained the love and respect of his colleagues and his parishioners.

Աւազանի անունով Տիգրան. ծնած է Տրապիզոն, Թուրքիա։ Ան զաւակն է Տ. Վահան Ա. Քհնյ. Խոյեանի եւ երէցկին Համասփիւռ Տակոսեանի։ Իր ծնունդէն կարճ ժամանակ ետք, կը փոխադրուին Պոլիս, ուր կը յաճախէ Կեդրոնական Վարժարանը եւ մաս կը կազմէ համայնքային կեանքին՝ իր բաժինը բերելով զինք հետաքրքրող պատանեկան եւ երիտասարդական ձեռնարկներուն։ Ան կ’անդամակցի Կոմիտաս վարդապետի հիմնած երգչախումբին, Զարիֆեանի թատերական խումբին, եւ միաժամանակ  ուսուցչութիւն կ’ընէ Պէրպէրեան Վարժարանին մէջ։

Տիգրան Խոյեան մէկն էր Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ա՛յն եօթը հիմնադիրներէն, որոնք գեղեցիկ գաղափարը յղացան պատանիներն ու երիտասարդները մեկտեղելու դաստիարակչական եւ հայապահպանման ապահով օճախի մը շուրջ՝ պատրաստելու համար ապագայի ղեկավար սերունդը։  1918-ին, կը հրաւիրուի Երեւան, ուր Մինաս Չերազ կ’առաջարկէ իրեն հաւաքել Ցեղասպանութենէն փրկուած Պոլսոյ որբերը եւ անոնցմով ստեղծել հայկական սկաուտական առաջին շարժումը։ Ծրագիրը յաջողութեամբ կը պսակուի եւ այդ սերունդը կը դառնայ հիմքը ապագայ աշխարհասփիւռ այդ միութեան։

Թրքական բանակին մէջ ծառայելէ ետք որպէս հարիւրապետ, կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ Մէսէչուսէցի Սփրինկֆիլտ քաղաքի համալսարանէն կը ստանայ մագիստրոսի կոչում՝ մարմնակրթութեան մէջ։

1932-ին, Տիգրան կ’ամուսնանայ Օրդ. Սիրարփի Իսպէչէնեան-Պէկեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երկու դուստրերով՝ Թէլմա եւ Սեդա եւ ուստրով մը՝ Վահան։ Խոյեան ընտանիքը շրջան մը կ’ապրի Մայամի, Ֆլորիտա, ուր ան մեծ դեր կ’ունենայ տեղւոյն Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կազմակերպման մէջ եւ կը դառնայ երգչախումբի առաջին ղեկավարը։

1955-ին, հետեւելով հօր քայլերուն, կը ձեռնադրուի քահանայ՝ ձեռամբ Տ. Մամբրէ Արքե-պիսկոպոս Գալֆայեանի՝ Ուայնուուտ, Փէնսիլվէնիայի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ, վերանուանուելով՝ Տէր Տիգրան Քահանայ։ Այնուհետեւ, Կը ծառայէ Շիքակոյի եւ զանազան այլ գաղութներու մէջ՝ մինչեւ Ուաթըրթաուն, Մէսէչուսէցի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ առաջին հովիւ դառնալը։ Իսկ 1959-էն մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը, 1962, կը դառնայ Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ։

Արժանապատիւ Տէր Հայրը, հաւատարիմ իր կոչումին, կը շարունակէ ծառայել իր ազգին ու եկեղեցիին նաեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Ան մեծ հաճոյքով կը մասնակցէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ողիմպիականներուն եւ այլ ձեռնարկներուն։ 1988-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 70-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, կը պարգեւատրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արժանեաց Շքանշանով։

Իր կեանքի ընթացքին, Տէր Հայրը քաջալերած եւ թիկունք կանգնած է հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն. Ան անդամակցած է Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Հայ Ուանողական Միութեան եւ Վարդանանց Ասպետներուն։

Տէր Տիգրան Քհնյ. Խոյեան կը վախճանի 23 Յունուար, 1990-ին, Ճորճթաուն Համալսարանի հիւանդանոցին մէջ՝ աւարտելով իր 35-ամեայ քահանայական ծառայութեան ոդիսականը։ Վերջին օծման եւ թաղման կարգին կը նախագահէ Թեմիս Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Մեսրոպ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Աշճեան։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։


Dickran Khoyan was born in 1895 in Trebizond to Archpriest Vahan Khoyan and Hamaspure G. Dagosian. Shortly after his birth, the family moved to Constantinople where he grew up, attended Getronagan College, and became an active participant in community events and organizations. He sang first tenor in the 300 member Gomidas Vartabed Choir, acted in the Zarifian Theater Group and taught at the Berberian College.

Rev. Fr. Khoyan will be most remembered as one of the founding members of the Homenetmen—the great Armenian Scout movement and Youth Physical Education organization for Armenians that was organized in Constantinople in 1918. He worked tirelessly and successfully organized the scout movement in the very city that three years earlier had arrested the top Armenian intelligentsia prior to the massive deportations and massacres of 1915. Dickran Khoyan was invited to Yerevan where he met with Vahan Chiraz and others to start a scout movement in Armenia. Today, the organization has grown to 25,000 members with regions and chapters on five continents.

He served in the Turkish army, attained the rank of Captain, and eventually moved to the United States in 1921. He attended Springfield College in Massachusetts, receiving a Master’s degree in Physical Education in 1926. He also played center forward on the varsity soccer team at Springfield College.  

In 1932, in Philadelphia, he married Sirarpi Isbetcherian Beguian and the couple was blessed with two daughters and one son, Seda, Thelma and Vahan. The family lived for a time in Miami, Florida, where he was one of the founders of the St. John Armenian Apostolic Church and served as the first Choir Director. During his time in Miami, he was also very active in the Armenian Citizen’s Club of Miami and numerous community activities.  In 1955, following in the footsteps of his father, he was ordained a priest by Archbishop Mampre Kalfayan at Sts. Sahag and Mesrob Church in Wynnewood, Pennsylvania. With the acceptance of a new life and new challenges, he served in Chicago and various other communities before becoming the first pastor of St. Stephen’s Armenian Church in Watertown, Massachusetts, and later of the Soorp Khatch Armenian Church in Bethesda, Maryland.

Following his retirement, he continued to serve the Armenian Church in various capacities. He enjoyed attending the Homenetmen Olympics, especially the regional and international scouting and athletic events. In 1988, while celebrating their 70th Anniversary, Rev. Fr.  was honored with the Regional Gold Medal (Shekanishan) for being one of the founders of the Homenetmen at the Navasartian Games in Los Angeles. Just one week before his death, he attended an ARS function in Washington, D.C., where he met and blessed a group of Armenians injured in the earthquake in Armenia. Throughout his life, he supported many organizations and was a former member of the ARF, the Armenian General Benevolent Union (AGBU), the Armenian Students’ Association, the Vartanantz Asbeds, to name a few.  Rev. Fr. Khoyan passed away on January 23, 1990, in the Georgetown University Hospital in Washington, D.C. His ministry as a priest extended over a period of 35 years. Archbishop Mesrob Ashjian presided over the Last Unction ceremonies during the Badarak.